2017-09-02 09:47:00

Ոչ եւս է Կարդինալ Քորմաք Մըրֆի Օ Քոննըր` Անգլիոյ եւ Կալլէսի երբեմնի առաջնորդ։


(Ռատիօ Վատիկան) Անգլիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հաղորդագրութեամբ մը գուժեց Վեսեթմինսթերի երբեմնի արքեպիսկոպոս եւ Անգլիոյ ու Կալլեսի երբեմնի առաջնորդ` Կարդինալ Քորմաք Մըրֆի Օ Քոննըրի մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ 1 սեպտեմբերի յետ միջօրէին։

Կարդինալ Վէնսան Նիքոլս այս առթիւ նշեց թէ 85 ամեայ Ծիրանաւորը իր հոգին աւանդեց առ Հայր իր հարազատներու եւ բարեկամներու սիրով շրջապատուած։ Ննջեցեալ կարդինալը` Կարդինալ Նիքոլսին յղած վերջին նամակին մէջ գրած էր ''խաղաղ է հոգիս, վախ չունիմ գալիք ժամանակէն, բազմաթիւ օրհնութիւններ ընդունեցայ կեանքիս ընթացքին, յատկապէս ընտանիքէս եւ բարեկամներէս''։

Կարդինալ Օ Քոննըրի մահուան ի լուր Գանթըրպըրրիի Արքեպիսկոպոս ու Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ` Ժասթին Ուելպի յայտարարութեամբ մը ուզեց յիշատակել Օ քոննըր Կարդինալը հաստատելով թէ'' անոր խօսքերն ու կեանքը մարդիկը կը տանէին դէպի Աստուած''։

Կարդինալ Քորմաք Մըրֆի Օ Քոննըր տարիներ ամբողջ ծառայած է Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ու եղած է Անգլիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը։ 15 փետրուար 2000-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ զայն անուանած էր  Վեսեթմինսթերի առաջնորդ եւ 2001-ի փետրուարին անոր  շնորհած էր կարդինալական տիտղոսը։

Ի լուր Կարդինալ Օ Քոննըրի մահուան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս յղեց ցաւակցական հեռագիր մը ուղղուած Վենթմինսթերի առաջնորդ` Կարդինալ Վինսէն Նիքոլսին, որուն մէջ յայտնեց իր կսկիծը, մատնանշելով երջանկայիշատակ Կարդինալի `Աւետարանի ու աղքատներու ծառայութեան ի սպաս նուիրումին։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր առաքելական օրհնութիւնը ուղարկեց բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան Կարդինալ Օ Քոննըրի մահը հայցելով անոնց համար Տիրոջ մխիթարութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.